2015-09-17 12:22:00

Հաղորդագրութիւն` Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Լուսեմպուրկի վարչապետը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 17 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Լուսեմպուրկի վարչապետ` մեծարգոյ Տիար Քզավիէ Պեթթելը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, ընդգծուեցաւ կամքը` ամրապնդելու Սուրբ Աթոռի եւ Լուսսեմպուրկի միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները ու շօշափուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով Եկեղեցի – Պետութիւնը յարաբերութիւններուն ու մատնանշելով  կրօնի ազատութեան եւ հոգեւոր արժէքներու կարեւորութիւնը ընկերային համերաշխութեան համար։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լուսսեմպուրկի Եւրոպական միութեան վեցամեայ նախագահութեան  մասին ու ակնարկուեցաւ եւրոպական ու միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերուն, յատուկօրէն անդրադառնալով հակամարտութիւններուն, գաղթականութեան հարցին ու ապաստանեալներուն օգնութիւն մատուցելու հարկաւորութեան ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն կրած հալածանքներու հարցին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.